Խօսէ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին։ (Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)
Հայ դիցաբանութիւնը իրանականին պէս ունի կրակի չաստուածներ, բայց չունի պաշտամունք:
Մեր դիցաբանութիւնը արձանները կը պաշտէ իբր կուռք, բայց ո՛չ կրակը: Այս պատճառով հայ
արքաները, մանաւանդ Արշակունեաց շրջանին, պատերազմի ատեն կը կալանաւորէին թշնիմի չաստուածներուն
կուռք արձաններն ալ եւ զանոնք կը կանգնէին Հայոց միւս կուռքերուն կողքին: Այս փոխառումներով
է որ հայ չաստուածները հետզհետէ յունականացան. Արամազդը` Զեւս դարձաւ, Միհրը` Հեփեստոս,
Անահիտը` Արտեմիս, Տիրը` Ապողոն, Վահագնը` Հերակլէս, Նանէն` Աթենաս: Դիցաբանութեան
պատմութեան մէջ պատահած է որ ժողովուրդի մը որդեգրած նորեկ չաստուածները չեն յաջողած
ջնջել նախորդ չաստուածնորուն պաշտամունքը, այլ ստեղծած են նորի եւ հինի խառնուրդ մը:
Նոյնը պատահած է նաեւ հայ դիցաբանութեան մէջ:
Հայոց մեհեանները Մեհեանը` հեթանոս
տաճարն է: Հեթանոսական պաշտամունքը հիմնուած ըլլալով անասուններու զոհերուն վրայ, ամէն
մեհեան զոհարան մը ունէր, որ բագին կը կոչուի: Մեհեանը ունէր իր §գանձարան¦ը, ուր կը
պահուէին չաստուածներուն նուիրուած թանկագին նուէրները: Որքան չաստուած մը սիրուած ըլլար,
այնքան անոր §գանձա-րան¦ը ճոխ կ’ըլլար: Ս. Գրիգոր Լուաւորչի օրերուն` մեզի ծանօթ
7 մեհեաններ կային ամբողջ Հայաստանի մէջ` նուիրուած ութը չաստուածներու պաշտամունքին,
որոնցմէ հինգը` Բարձր Հայքի մէջ: Այս 7 մեհեանները ձեռակերտն են Արշակունի թագաւորներուն:
Մեհենանիստ
քաղաքները – Մեհենանիստ կը կոչուին այն քաղաքները, որոնք մեհեան կամ պաշտամունքի կեդրոն
մը ունէին: Մեհենանիստ քաղաքը ընդհանրապէս թագաւորանիստ ալ եղած է, քանի որ արքան իր
երկրին կրօնապետն էր:
Հայոց մեհենանիստ քաղաքներն էին` Բագարան – Հայաստանի
մեհենանիստ 7 գլխաւոր քաղաքներուն առաջինը, Երուանդ արքայի (Ք. Ա. 5-րդ դար)շրջանին,
Բագարանն է (Արշարունիք): Արմաւիր – Հոս Վաղարշակ Արշակունի արքան (Ք. Ա. 6-րդ դարին)
արեւին եւ լուսնին պաշտամունքին նուիրուած տաճար կանգնած էր, ուր աւելի ուշ շրջանին`
Ապողոնի եւ Արտեմիսի կուռքերը կանգնուեցան: